image
Հրատապ լուրեր:

Նոր զոհ Հալէպի մէջ. Զոհուած է Սուրիոյ բանակի զինուոր ՝ Ժանօ Գորաճեանը

Նոր զոհ Հալէպի մէջ. Զոհուած է Սուրիոյ բանակի զինուոր ՝ Ժանօ Գորաճեանը

Հալէպի  ծայրամասային   հատուածներուն   վրայ ընթացող մարտերուն ընթացքին  զոհուած է      Ժանօ  Գորաճեանը (20 տարեկան): Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  փոխանցեց, որ  հալէպահայ զինուորը զոհուած է  քաղաքի   ծայրամասային շրջաններուն մէջ   ընթացող   թէժ մարտերուն ընթացքին:  Մեր  տիրապետած  տեղեկութիւններով  զոհուած  հայ զինծառայողին եղբայրներէն մին, որ կը կոչուի  Ռէմոն նոյնպէս կը ծառայէ  Սուրիոյ բանակին մէջ: